2014-05-24 10:37:39

Ֆրանչիսկոս Պապի ուխտագնացութիւնը Սուրբ Երկիր` Յորդանանը։


Ալ Մամլաքա ալ Ուրտունիա ալ Հաշիմիա – Յորդանանի Թագաւորութիւնը։
Յորդանանի Թագաւորութիւնը ունի 88.778 Km² տարածութիւն: Անոր սահմանակից երկրներն են` Սուրիան հիւսիսէն, Իսրայէլ և Պաղեստինեան տարածքը արեւմուտքին, Արաբական Սաուտիէն հարաւ-արեւելքէն եւ Իրաք՝ արեւելքէն: Յորդանանի մայրաքաղաքն է` Ամմանը։
Ցարդ Պրիթանական հրամանատարութեան տակ, առաջին համաշխարհային պատերազմէն ետք, երկիրը անկախութիւն ձեռք բերաւ 22 մարտ 1946-ին (Անդրյորդանան անունով) իսկ Յորդանան անունը առաւ 1949-ին:
Այսօր Յորդանանը Սահմանադրական Միապետութիւն է. Իսլամութիւնը պետութեան կրօնքն է, սակայն կրօնական խտրականութիւնը արգիլուած է և ամէն տեսակի պաշտամունք ու ծէս պաշտպանուած է, պայմանով որ համաձայն ընթանան երկրի սովորութիւններուն։
Երկրի բնակիչները շուրջ 6 միլիոն են` Քրիստոնեաները թիւը շուրջ 107 հազար ։
Յորդանանը դիվանագիտական կապեր հաստատած է Ս.Աթոռին հետ 3 մարտ 1994-էն սկսեալ: Յորդանանի մօտ առաքելական նուիրակն է գերապայծառ Ճորճօ Լինկուա։


Ապտալլահ Բ Պին Ալ Հիւսէյն Արքան։

Յորդանանի թագաւոր Ապտալլահ Բ Պին Ալ Հիւսէյնը, Հաշեմիթ տոհմի` Յորդանանի վրայ իշխող 4-րդ արքան է։ Ծնած է Ամման` 30 յունուար 1962-ին։ Ուսումը ստացած է Անգլիական եւ Ամերիկեան համալսարաններուն մէջ։ Իր Հօր` Հիւսէյն թագաւորի մահէն մի քանի օր առաջ, կը նշանակուի գահաժառանգ եւ 7 փետրուար 1999 թուականին կը դառնայ Յորդանանի թագաւոր։
Ամուսնացած է Ռանիա Թագուհիին հետ եւ ունին 4 զաւակներ։
Պօղոս Զ Սուրբ Երկիր կատարած ճամբորդութեան ընթացքին, 1964-ին, դիմաւորուեցաւ Յ Ապտալլայի հօր` Յորդանանի Հիւսէյն թագաւորին կողմէ որ ապա անոր ընկերացաւ մինչեւ Երուսաղէմի դռները։ Ներկայ Յորդանանի թագաւորը` Ապտալլան, 20 մարտ 2000-ին Յորդանանի հողին վրայ դիմաւորեց Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ եւ ապա 8 մայիս 2009-ին Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր քահանայապետը։ Ան ապա երկու անգամ հանդիպում ունեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին հետ վատիկանի մէջ ( 27 օգոստոս 2013-ին եւ 7 ապրիլ 2014-ին)։








All the contents on this site are copyrighted ©.